Տնտեսագիտություն
Անունս է Կրէկօրի Լօշխաճեան: Ծնած եմ 1993-ին, Միացեալ Նահանգներու՝ Նիւ Ճըրզի նահանգի՝ Ռիճուտ գաղագը: Մեծձած եւ դպրոց հաճախած եմ Ռիճուտի մօտակայ գաղագը՝ Սատլ Րիվըր:
Ինը տարեկանիս նշմարեցի թէ երգելու տաղանդ ունիմ եւ սկսայ մարզուիլ դասական արուեստի հմտութեամբ: 2009 թուականէն մինջեւ 2012 թուականը, առիթը ունեցայ ուսանելու Մանհաթընի Երաժշտութեան Դպրոցի՝ (Manhattan School of Music) նախահամալսարանական բաժինը: Երգելը կեանգիս մէջ շատ մեծ դեր ունեցած է: Երբ դասական ձայնով կը մարզուէի, միացայ Մեթրօբօլիթըն Օբերաի (Metropolitan Opera) պատանեկան երչախումբը, ներկայացնելով Օբերաներու մէջ երբ խումբը պատանի երգիջներու պէտքը ունէր: Նաեւ առիթը ունեցայ մասնակցելու ձայնամարզական մրցումներու մէջ Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքները. անոնցմէ շատեր իսկ յաղթեցի ինչպէս Դասական Երգիչի Համագումարին՝ (Classical Singer Convention) ուր առաջացայ մրցելու ազգային աստիճանի:
2008-ին ընդունուեցայ Նիւ Ճըրզիի բարձրաստիճան բարձրագոյն վարժառաններէն մին՝ Պէրկըն Գաւառի Ագատէմիան (Bergen County Academies). հոն չորս տարի գիտութիւն եւ արուեստագիտութիւն ուսանեցայ եւ նորանոր առիթներ ունեցայ դպրոցի երչախումբին մասնակցելու: Նաեւ, դպրոցի առեւտուրի մասնաճիւղին աջակցութեամբ՝ անդրադարձայ թէ տնտեսութեան մասնաճիւղէն շատ կը հաճիմ: Ազատ պահերուս դպրոցի գիտութեան եւ առեւտուրի լրագիրին մէջ կը գրէի եւ երչախումբին կը մասնակցէի:
2011-ի ամառը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանաւորութեամբ Երեւան այցելեցի՝ սորվելու Հայ ժառանգութեանս մասին եւ կամաւոր աշխատելու: Հոն մասնակցեցայ համահայկական խաղերուն, չքաւորներու տուն շինելու ձեռնարկին եւ երբ Էջմիածին այցելեցինք՝ առիթը ունեցայ ներկայացնելու երաժշտական բաժինս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Երեւան, Հայաստանի հանդէպ ունեցած սէրս զօրացաւ, որը ինծի ներշնջեց աւելի սորվելու իմ ազգիս մասին եւ անոր թանկագին մշակոյթը բաժնեկցելու իմ ընկերներուս հետ:
Այժմ կը հաճախեմ Բրինսթըն Համալսարան (Princeton University) ուր կ՛ուսանիմ տնտեսական գիտելիքներ՝ կեդրոնանալով ֆինանսի եւ համակարգիչներու վրայ: Կ՛աշխատիմ Բրինսթըն Պիզինէս Վօլընդիրզ` (Princeton Business Volunteers) տեղական առեւտուրներու խորհրդատու հաստատութիւն մը, ինչպէս նաեւ կ՛առաջնորդեմ համալսարանիս լրագիրի՝ Տէյլի Բրինսթօնյընի՝ (Daily Princetonean) ծանուցումի ճիւղը: Կը շարունակեմ ձայնս մարզել եւ իբր դասական Տենօր երգել Օբերայի եւ երաժշտական թատրերգութիւններու մէջ: Ազատ պահերուս կարճ պատմուածքներ կը կարդամ եւ կը գռեմ եւ ատեններ համակարգիչի համար փոքր խաղեր կը կազմեմ: Երբ աւարտեմ կ՛ուզեմ ֆինանսական խորհրդատու ըլլալ:
Համակարգչային գիտություն
Տնտեսագիտություն
Աստղաֆիզիկական գիտություններ