Տարիքային հոգեբանություն
Անահիտ Մօտրէքը կու գայ Լոս Անճելոս, Քալիֆորնիայէն: Հասակ առած է ծագումով Հայաստանէն, սակայն բազմամշակութային ընտամիքի մը մեջ:
Անահիտ պսակաւոր արուեստից իր վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ Պէրքլի (UC Berkeley) համալսարանէն, հետեւելով հոգեբանութեան եւ հանրային քաղաքականութեան ճիւղին: Այստեղ ան համալրած է մէկ կողմէ մարդու զարգացման մանրաներանձնականը հոգեբանական դիտանկիւնէն, միւս կողմէ մեծակազմակերպչական ըմբռնումը կարգերու ուսումնասիրութեան ընդմէջէն:
Անահիտ աշխատած է բոլոր տարիքի աշակերտներու հետ, զանազան երկիրներու մեջ, ինչպէս` Հայաստան եւ Չինաստան: Պըրքլի համալսարանէն ներս, իր նախաւարտական շրջանին աշխատած է Քալիֆորնիոյ Օքլընտ քաղաքին մեջ, տեղական միջնակարգ դպրոցներէն մէկուն մէջ: Այստեղ ան ձեռք բէրած է որոշ փորձառութիւն մը, որ զինք մղած է տեղափոխուելու Նիւ Եորք` հետապնդելու իր տոքթորական ուսումը, մարդկային զարգացման հոգեբանութեան բնագաւառէն ներս, Քոլոմպիա համալսարանէն ներս:
Իր աշխատանքային եւ հետազօտական հետաքրքրութիւնը կ՛ընդգրկեն մարդկային աճի ուսումնասիրութիւնը կրթութեան մեջ, եւ թէ ինչպէս հետազօտողները կրնան համագործակցիլ կարգ ու կանոն հաստատողներու եւ կիրառողներու հետ` բարելաւելու կրթութեան ներգործումը:
Միջազգային հարաբերություններ
Բիզնեսի գործարար կառավարում
Ճարտարապետություն և քաղաքաշինություն