Գլխավոր - Լույս Հիմնադրամ
ՀՀ, Երևան 0010, Բուզանդի 3 +37412400004

ՍՈՎՈՐԵԼ. ԳՈՐԾԵԼ. ՀԱՄԱՍՏԵՂԾԵԼ

Միջին Արևելքի ուսումնասիրություն

Մագիստրատուրա

Վարագ Կեծամանյան

Անունս է Վարագ Գեթսեմանեան: 2013ի ամառը աւարտեցի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմնունքէն ինչպէս նաեւ մասնագիտանալով միջին արեւելքի պատմութեան մէջ:

2010Ին անդամակցեցայ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան ինչպէս նաեւ նշանակուեցայ պատասխանատու վարիչ Լիբանանի Մուրատ Պատանեկան Միութեան: Աշխատանքներու մեծ մասը կ’ընդգրկէր դասախօսութիւններու պատրաստութիւն, սէմինարներու, դաստիարակաչական ծրագիրներու եւ workshop-ներու կազմակերպում, պատանեկան խրախճանքներ եւլն. Տրուած ըլլալով փափաքս օգնելու դպրոցական այլ աշակերտներու իբրեւ կամաւոր մասնակցեցայ “Հայ Ուսանողական Գրասենեակի” աշխատանքներուն որ դպրոցները այցելելով ուղղութիւն եւ ցուցմունք կու տայ լիբանանի համալսարանական խնդիրներու հետ առնչուող բոլոր հարցերուն, ըլլան անոնք կրթական կամ ընկերային:

2011Ին երբ արդէն լիաժամ աշակերտ էի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (AUB) մասնակցեցայ Lebanese Armenian Heritage Club ի աշխատանքներուն անդամ դառնալով այդ խմբակին: Այլ անդամներու աշխատանքներու եւ օգնութեան հետ միասին կարողացանք կազմակերպել տարբեր դասախօսութիւններ, լսարաններ ինչպէս նաեւ աւանդական այլ ձեռնարկներ ինչպէս Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ձեռնարկը AUB էն ներս: Աշակերտելով Փիլիսոփայական բաժանմունքէն ներս առիթը ունեցայ ծանօթանալու տարբեր ուսուցիչ, Փրօֆէսէօրներու որոնք առաջարկեցին անդամակցութիւնս “Փիլիսոփայական Խմբակ” էն ներս: Այս խմբակի աշխատանքները կ’ընդգրկէին հանրային զրոյցներու եւ դասախօսութիւններու կազմակերպում, անշուշտ փիլիսոփայական նիւթերու շուրջ: Ֆինանսաւորելու համար օրուայ ծախսերն ու համալսարանական դոշակը, աշխատեցայ փիլիսոփայական բաժանմունքի հաշուապահական գրասենեակին մէջ իբրեւ վարչական գործերու օգնական: Լիբանանի ծանր տնտեսական կացութեան հետեւանքով ստիպուեցայ յաւելեալ ֆինանսական աղբիւրներ փնտռել, եւ սկսայ անձնական դասընթացքներ տալ 6էն10 աշակերտներու, տարբեր տարիքներու: Այս բոլորով միայն կարելի եղաւ հոգալ անձնական ծախսերս եւ վճառել կրթաթոշակը: AUB ի մէջ մաս կազմեցի համալսարանի պաշտօնաթերթին՝ “AUB Outlook”ի անձնակազմին ուր հրատարակեցի յօդուածներ որոնք կ’արծարծեն աշակերտին առօրեայ մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները:

2012ի ամառը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ ակադեմական կազմութեանս մէջ: Այդ տարին էր որ Հայաստանի Սիսիան քաղաքին մէջ մասնակցեցայ դաստիարակչական երկշաբաթեայ ծրագիր-սեմինարի մը, որ կը միտէր մարզա-դաստիարակչական գիտելիքներու փոխանցումով (պատմութիւն, քաղաքացիական կրթութիւն եւլն…) նպաստել այնտեղի հայ երեխաներու մտա-մարմնային առողջ զարգացման:

Աւարտելէս անմիջապէս մէկ ամիս ետք անցայ Միացեալ Նահանգներ ու իբրեւ խմբագրական օգնական եւ թղթակից աշխատակցեցայ Armenian Weekly թերթին անոնց Պօսթընի խմբագրատան մէջ: Պարտականութիւնս էր կատարել տարբեր հարցազրոյցներ հանրածանօթ ակադեմականներու հետ ինչպէս նաեւ ժողվել եւ խմբագրել լուրեր որնք կ”առնչուին աշխարհի տարբեր հայ գաղութներու հետ:

Ներկայիս կը բնակիմ Լոս Անճըլըսի մէջ ուր կը զբաղիմ հետազօտութիւններով եւ թարգմանութեամբ: Արխիւային ուսումնասիրութիւններ կը կատարեմ Ասպարէզի խմբագրատան մէջ ինչպէս նաեւ կամաւոր կերպով կը սրբագրեմ Internet Encyclopedia of Philosophy ի յօդուածները: Վերջապէս, նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ եմ Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան կազմակերպած շաբաթօրեայ հայկական դպրոցներուն:

Քանի մը տող եւս հրատարակութիւններուս վերաբերեալ. Յօդուածներ հրատարակած եմ AUB Outlookի, Ազդակ օրաթերթի, Հայրենիք շաբաթաթերթի, Armenian Weeklyի, Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան պաշտօնաթերթ՝ “Ռազմիկ”ի եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան յատուկ հրատարակութեանց մէջ: Կը տիրապետեմ Հայերէն,Ֆրանսերէն, Արաբերէն, Անգլերէն լեզուներու ինչպէս նաեւ տարի մըն է որ կը սորվիմ թրքերէն: Ծրագրած եմ յաճախել Շիքակոյի Համալսարանը մագիստրոսի վկայականիս համար:


Այստեղ սովորում են
Էմիլի Տերյան

Կենսաբանություն

Վարագ Կեծամանյան

Միջին Արևելքի ուսումնասիրություն

Պերճ Չորլյան

Հումանիտար գիտություն

Back to top
Close