Գլխավոր - Լույս Հիմնադրամ
ՀՀ, Երևան 0010, Բուզանդի 3 +37412400004

ՍՈՎՈՐԵԼ. ԳՈՐԾԵԼ. ՀԱՄԱՍՏԵՂԾԵԼ

Միջազգային հարաբերություններ

Մագիստրատուրա

Ալիկ Բերբերյան

Ալիք Պէրպէրեան կը հետապնդէ իր Մագիստրոսի տիտղոսը, «Գոլոմպիա» Համալսարանի Միջազգային եւ Հանրային Հարցերու դպրոցին մէջ, մասնագիտանալով մարդու իրաւունքներու եւ համաշխարհային առողջապահութեան ճիւղերուն մէջ։ Ան ստացած է իր Պսակաւոր Արուեստի ուսումը, «Օքսիտենթալ» Համալսարանի Դիվանագիտութեան եւ Միջազգային Հարցերու բաժինէն, ինչպէս նաեւ Սպաներէն լեզուի մէջ։ Իր Աւարտական Թեզը կ՚ուսումնասիրէ կլիմայի փոփոխութեան լուծումները։ Թեզը մանրամասնօրէն կը կեդրոնանայ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանին վրայ։ Այս ուսումնասիրութեան համագործագցած է՝ Միաւորուած Ազգերու Կազմակէրպութեան Հայաստանի Մշտական Ներկայացուցչութիւնը։

Պէրպէրեան աշկերտած է Նիւ Եորքի Միաւորուած Ազգերու Կազմակէրպութեան Հոնդուրասի Մշտական Ներկայացուցչութեան, Լոս Անճելեսի «Մարդու Իրավունքներու Հետեւող» կազմակէրպութեան, եւ Կլենտեյլ, Գալիֆորնիոյ Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակին մէջ։ Իր համալսարանական ուսման ընթացքին, անդամակցած է իբրեւ ատենապէտ, «Օքսիտենթալ» Համալսարանի «Հայ Ուսանողներու Միութեան». Նաեւ մասնակցած է նոյն համալսարանի Լողի Արաչին Խումբին։ Յաջորդական ամառներ, իբրեւ կամաւոր, աշխատած է Հայաստանի եւ Ջավախքի զանազան կազմակերպութիւններու հետ։ Ան նաեւ ամբողջացուցած է ուսումնական կիսամիակ մը Վալբարայեսօ, Ջիլի-ի մէջ։

Պէրպէրեան ծնած է Լոս Անճելեսի մէջ։ Ան հաճախած է Սուրբ Մարիամ, Ռիչարդ Թուֆենքեան մանկապարտէզ ու Վահան եւ Անուշ Շամլեան Հայկական Վարժարան, ուր ան սորուած է հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը։ Հոն իր մէջ կերտուած է հայ ինքնութեան զգացումը եւ անսահման սէրը Հայաստանի հանդէպ։ Պէրպէրեան պատանի տարիքէն անդամակցած է Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ աշխատած է բազմաթիւ յանձնախումբերու մէջ։ Պէրպէրեան կը նպատակադրէ ապաքային հետապնդել ասպարէզ մը՝ «իրավունքներու վրայ հիմնուած օրէնքներու զարգացման» ոլորտին մէջ։ Վէրջապէս, ան կ՚ուզէ շարունակել իր դրական ներգործութիւնը Հայաստանի եւ Հայ Սփյուռքի համայնքներուն հետ։


Այստեղ սովորում են
Վահե Մարկոսյան

Ճարտարապետություն

Արմենուհի Խաչատրյան

Ֆինանսների մաթեմատիկա

Մարալ Հովասափյան

Բուժքույրական գործ

Back to top
Close