Բիզնեսի կառավարում
Ծնած եմ 1987-ին, Քլարքսպուրկի մէջ, Արեւմտեան Վիրճինիա: Ապրած եմ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հայրս սուրիահայ է եւ Հալէպէն Ամերիկա ներգաղթած է ուսանելու համար: 2009-ին գնահատանքով վկայուած եմ University of Virginia համալսարանի McIntire School of Commerce բաժինէն: Աշխատելու սկսած եմ որպէս հաշուապահ (Certified Public Accountant), KPG հաստատութեան մօտ: Մէկուկէս տարի ետք, աշխատակցած եմ երկու դրամատուներու, Houlihan Lokey եւ JP Morgan: Երեք տարի ետք, միացած եմ Linden Capital Partners ընկերութեան, ուր գլխաւորաբար զբաղած եմ վարելով դրամագլուխի ներդրումներ՝ առողջապահական ծիրէն ներս գործող հաստատութիւններու մէջ: Յառաջիկայ աշնան, պիտի յաճախեմ Harvard Business School: Շնորհիւ ձեռք բերելիք հմտութեանս, կը փափաքիմ ասպարէզս շարունակել՝ օգնելով ընկերութիւններու, որպէսզի անոնք նիւթական կարողութիւնը ունենան նորանոր նուաճումներ ընելու մարդկութեան առողջութեան համար:
Հանրային կառավարում
Իրավագիտություն
Միտք, խելք և կրթություն